ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթը, վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ՝ կը գրէ, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակով: «Իրանցի եւ ամերիկացի դիւանագէտները, Եգիպտոսի օրինակով, Սուրիոյ մէջ բարձրագոյն զինուորական ղեկավարութիւնը իշխանութեան բերելու եւ զօրավարներուն աւելի լայն լիազօրութիւններով օժտելու տարբերակը կը քննեն», ըսած է աղբիւրը։ Թերթը կը գրէ, որ իրանցի եւ ամերիկացի դիւանագէտները Սուրիոյ հարցով հանդիպած են երկու անգամ՝ Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.