Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղը 2011-2012 տարեշրջանը սկսաւ նոր խանդավառութեամբ ու եռանդով։ Առաջին հերթին վարչութիւնն ու ընկերային յանձնախումբը կազմակերպած էին Մշակոյթի օրուան ձեռնարկ մը, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22ին, «Բալմ» ճաշասրահին մէջ։
Բարի aգալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի եւ օրուան հանդիսավար Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանը, ապա շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի վերանկախութեան 20ամեակին առթիւ: Ընկերուհին հպարտօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կատարուած շքեղ տօնախմբութիւններուն, որոնց ականատես եղած էր։ Ան նաեւ շեշտեց հայ լեզուի եւ հայ մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը, որ եղած է ՀՕՄի առաքելութեան առաջնահերթ աշխատանքներէն մին։
Օրուան պատգամաբերն էր Մակի Մանկասարեան-Կոսչին՝ «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի պատասխանատուներէն. ան իրեն հետ բերած էր թանգարանի մէջ ցուցադրուած թանկարժէք գործերէն մաս մը՝ հին հայկական ձեռագործներ, նկարներ, պուպրիկներ, եւ այլն: Ան խօսեցաւ ներկաներուն թանգարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն ու թանգարանի թանկարժէք գործերը ժողուելու եւ ցուցադրելու մասին, նաեւ շեշտեց հայ կնոջ աշխատանքին եւ գործին կարեւորութիւնը այս ծիրէն ներս։ Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ, առանց արժէքը գիտնալու իրենց ունեցած գործերուն, կը բաժնեն կամ կը ծախեն զանոնք։ «Որպէս հայ ընտանիքներ, բոլորս ալ ունինք մեր մեծ մայրիկներէն եւ հայրիկներէն ժառանգած ձեռագործներ, հին ընտանեկան նկարներ, խոհանոցի գործիքներ», ըսաւ ան եւ շեշտեց, թէ որքա՛ն թանկարժէք են այդ հնութիւնները, եւ խրատեց ներկաները, որ դիմեն անձերու կամ հաստատութիւններու, որոնք կ՛ուզեն ժողուել եւ ցուցադրել զանոնք: Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են 1800ական թուականներէն ձեռագործներ, նկարներ, որոնք նուիրուած են ընտանիքներու կողմէ։
Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը. ընկերուհիներ Վարդուհի Սահակեան եւ Նովա Հինտոյեան մեներգեցին «Հայաստան Աշխարհ», «Գելէ Լաօ», «Կռունկ» եւ «Ծիծեռնակ» երգերը, իսկ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան արտասանեց «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն։ Ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին եւ ծափողջոյններով գնահատեցին օրուան պատգամաբերը եւ յայտագիրին մաս կազմող իւրաքանչիւր անդամ։
Ճաշի սպասարկութենէն անմիջապէս ետք խօսք առաւ «Սօսէ» մասնաճիւղի նորընտիր ատենապետուհի դոկտ. Էմմա Օշական։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ յիշելով ՀՕՄի շրջանային վարչութեան անդամները, հիւրերը եւ ՀՕՄուհիները, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկին եւ տօնեցին Հայկական մշակոյթը։ Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամաբեր Մակի Մանկասարեանին՝ անոր իւրայատուկ ներկայացումին համար, նաեւ յայտագիրին մէջ բաժին ունեցող իւրաքանչիւր ընկերուհիին, «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամներուն, «Ռոզլին» հաստատութեան եւ Սիրուն Ճիկերեանին՝ վիճակահանութեան դրուած գեղեցիկ գրքանշանը նուիրելուն համար։ Դոկտ. Օշական ապա ըսաւ, որ մշակոյթը նաեւ տօնախմբութիւնն է Մեսրոպ Մաշտոցի, որ հնարեց հայկական տառերը. «Առանց այբուբենին չէինք կրնար մշակոյթ ունենալ եւ զայն պահել 2000 տարի։ Լեզուն կարեւոր է մշակոյթ ունենալու համար եւ մեր կազմակերպութիւնը 101 տարիներ, Սփիւռքի այս օտար ափերուն, դժուար պայմաններուն մէջ պայքարեցաւ՝ մեր լեզուն եւ մշակոյթը կանգուն պահելու։ ՀՕՄը իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն մինչեւ ցարդ, իր շաբաթօրեայ վարժարաններով կը համախմբէ հայ ժողովուրդին զաւակները՝ տալով անոնց հայեցի դաստիարակութիւն, սորվեցնելով Հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը», ըսաւ ան։
Դոկտ. Օշական իր խօսքը եզրափակեց՝ հարց տալով ներկաներուն, թէ որպէս հայ կիներ, մայրեր եւ մեծ մայրեր, ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մեր նոր սերունդին, որպէսզի սորվին մեր լեզուն եւ գործեն ու մտածեն հայերէնով, կամ թէ ինչպէ՞ս կրնանք օգնել ՀՕՄի եւ հայկական այլ կազմակերպութեանց, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել ազգանուէր իրեց գործունէութիւնները, կանգուն պահելով եւ պահպանելով մեր թանկագին լեզուն ու մշակոյթը եւ փոխանցելով զայն ապագայ սերունդներուն։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ ՀՕՄի շրջանային վարչութեան անդամ եւ «Սօսէ» մասնաճիւղի կապ Սեդա Յակոբեանը: Ան շնորհաւորեց «Սօսէ» մասնաճիւղի անցեալի եւ ներկայի բեղուն գործունէութիւնը՝ մաղթելով կանաչ ճանապարհ եւ նորանոր նուաճումներ։
Ձեռնարկի աւարտին եղան նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն։ Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ քաջալերական խօսքերով հրաժեշտ տուին իրարու։
«Սօսէ» մասնաճիւղի սոյն տարեշրջանի ծրագիրին մաս կը կազմէ նախաճաշ՝ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Կիրակին, ժամը 9:30էն սկսեալ, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս (2242 E. Foothill Blvd. Pasadena)։ Այս նախաճաշի նպատակն է Փասատինայի գաղութը միախմբելով՝ հաճելի ժամանց ունենալ, միեւնոյն ատեն ծանօթացնել ՀՕՄի աշխատանքները եւ սատարել մասնաճիւղիս։ Հրամմեցէ՛ք՝ միասին վայելելու եւ ճաշակելու։
(Թղթակցութիւնը՝ վարչութենէն)