ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տերսիմի քիւրտ եւ ալաուի բնակչութիւնը թրքական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ցեղասպանութեան ենթարկուած է, ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը աշխարհին առջեւ պատասխանատու է մարդկութեան դէմ գործած իր այդ արարքին համար:
Վարչապետ Էրտողան, խոստովանելով հանդերձ Թուրքիոյ պետութեան մեղքը «Տերսիմի ջարդերուն» մէջ՝ նախ փորձեց անոր տարողութիւնը նսեմացնել, ապա յանցագործութեան պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը վերագրել այդ ժամանակաշրջանի կառավարութեան գլուխը կանգնած իշխող կուսակցութեան:
Որքա՛ն ալ վերապահօրէն գնահատենք վարչապետ Էրտողանի այս աննախընթաց քայլը, պէտք է ընդունինք, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ պետական բարձրագոյն դիրքի վրայ գտնուող թուրք պաշտօնատար մը շեղած է թուրք ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր նախնիներու ոճրային քաղաքականութեան ամբողջական ուրացումի վարքագիծէն՝ միեւնոյն ատեն նպաստելով քեմալիստական վարդապետութեան սարքած թուրք կերպարի գոնէ մասնակի քանդումին:
Իր պատմութեան մէջ ոչ մէկ մութ էջ ունենալու յոխորտանքն է, զոր Էրտողան խնդրոյ առարկայ դարձուց իր խոստովանութեամբ, եւ ինչ անմիջական հաշիւներ ալ ըլլան իր դրդապատճառները, ան ճամբայ բացաւ հետագայ աւելի լայնախոհ, աւելի գիտակից թուրք ղեկավարներու, որպէսզի կատարեն աւելի խիզախ ոստումներ ու ճանչնան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած բոլոր ցեղասպանութեանց ամբողջական պատասխանատուութիւնը:
Մենք ընդհանրապէս թուրք պաշտօնատարներու գործողութիւնները կը գերագնահատենք իբրեւ դիւանագիտական, կամ քաղաքական բարձր մակարդակի խաղեր մոգոնողներ եւ գործադրողներ: Այդ տրամաբանութիւնը Էրտողանի սոյն խոստովանութիւնը պիտի նկատէր իբրեւ մարտավարական կամ ռազմավարական հրաշալի քայլ: Գուցէ այդպէս ալ է: Սակայն չենք կրնար թերագնահատել այն ծանր հարուածը, զոր այս քայլը պատճառեց թուրք մարդուն պետականօրէն ներշնչուած ինքնապատկերացման, որ կրնայ ինքնին դուռ բանալ աւելի խոր ներհայեաց քննարկումներու՝ մղելով թուրք ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը աւելի մեծ ոստումներ կատարելու, իրենց սեփական պատմութիւնը ճանչնալու ցաւագին փորձերուն մէջ: