
Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) Փասատինա-Կլէնտէյլ մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2011ի երեկոյեան ժամը 5ին, ԹՄՄի Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ։
Դասախօսութեան նիւթը պիտի ըլլայ մեր վաղամեռիկ բանաստեղծներէն Միսաք Մեծարենցի կեանքն ու գրականութիւնը, անոր ծննդեան 125ամեակին առիթով։
Այս խիստ շահեկան նիւթը պիտի ներկայացնէ գաղութիս ծանօթ մտաւորական, «Ասպարէզ» օրաթերթի աշխատակից եւ յայտնի հեղինակ ու հրապարակախօս Սարգիս Մահսէրէճեանը։ Պրն. Մահսէրէճեան աւարտած է Պէյրութի «Հայկազեան» Համալսարանը եւ Միացեալ Նահանգներ չգաղթած՝ երկար տարիներ եղած է Պէյրութ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ եւ խմբագիր-տնօրէն։
Գործադրութեան պիտի դրուի նաեւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Մուտքը ազատ է եւ դասախօսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն։