
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու (ԱԻ) նախարարութեան տեղեկութիւններով, Հրշէջ կամաւորական շարժումը Հայաստանի մէջ ներդնելու կարելիութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով, Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած են «Քաղպաշտպանութիւն առանց սահմաններու» ընկերակցութեան նախագահ Պեռնար Ժանի եւ Տրակինեան հրշէջ կամաւորական ջոկատի հրամանատար Իվ Փանդանելա:
Նախարար Արմէն Երիցեանի հետ հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննարկած են հրշէջ կամաւորական ջոկատներու ձեւաւորման համար անհրաժեշտ քայլերը՝ սկսած կամաւորներու իրաւական կարգավիճակէն մինչեւ կայաններու ճարտարագիտական կարողականութիւնը:
Նշենք, որ այս տարուան Յունիսին, ԱԻ նախարարի Ֆրանսա կատարած այցին ընթացքին, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Հայաստանի մէջ հրշէջ կամաւորական շարժումի ֆրանսական տարբերակի ներդրման ուղղութեամբ: Նախարար Արմէն Երիցեան յանձնարարական տուած էր ուսումնասիրելու հրշէջ կամաւորական շարժումը ամբողջ աշխարհին մէջ, ապա ընտրուած էին ֆրանսական ու ռուսական տարբերակները։