
Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին եւ եկեղեցւոյ 70ամեակի տարեդարձին առթիւ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 18ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան եւ սարկաւագները:
Նախքան «Հայր Մեր»ը, սրբազանը շղարշի օրհնութիւնը կատարեց 25 դպրուհիներու:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Արեւմտեան թեմի բարերարուհի Էլիանոր Տիգրանեանի ծննդեան 100ամեակին առթիւ, առաջնորդի խնդրանքին ընդառաջելով՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ղրկած էր իր Օրհնութեան եւ շնորհաւորական գիրը, որ ընթերցուեցաւ սրբազանին կողմէ, որ նաեւ իր կարգին շնորհաւորեց Էլիանոր Տիգրանեանը, անդրադառնալով իր եւ հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Արշակ Տիգրանեանի, կատարած ազգային-եկեղեցական ծառայութիւններուն, բարերարութիւններուն, ապա բարեմաղթութիւններ կատարեց իրեն եւ իր հարազատներուն: Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ Յիշատակութեան հիմնադրամի հանգուցեալ հոգաբարձուներու հոգիներուն համար, որմէ ետք, եկեղեցւոյ «Ճան Կոկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ արժանավայել յայտագիր:
Բացման խօսքը կատարեց հանդիսութեան ատենապետ Ճորճ սրկ. Մարտիկեան: Իսկ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան: Ճաշի ընթացքին դաշնակի նուագ հրամցուց Գայիանէ Ասատրեան, ապա մեներգով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար Մաննիկ Մանուկեանը, որուն յաջորդեց մեներգ Ռաֆֆի Քերապեանի (թենոր) կողմէ: Ապա, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի «Hye Notes» նուագախումբը խանդավառեց ներկաները, իսկ Հոլլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի աշակերտները իրենց հեզաճկուն պարերով հմայեցին հանդիսականները: Իր կարգին, Լիլի Պալեան իր սրտի խօսքը ուղղեց եւ ներկայացուց եկեղեցւոյ յանձնախումբերը:
Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին մատուցած պատարագին, ոգեւորիչ պատգամին, կատարած շղարշի օրհնութեան եւ Էլիանոր Տիգրանեանի ի պատիւ կաթողիկոսէն օրհնութեան գիր խնդրելուն համար, ապա սրբազանը առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց Պարպարա Նշանեանը, Վիքթորիա Մինէլեանը, Փառանձեմ (Փեմ) Յակոբեանը եւ Տէյվիտ Մելքոնը, իրենց անձնուէր ծառայութեան համար. ան «Պահպանի»չով փակեց յայտագիրը: