ՓԱՐԻԶ.- Անգլիական «Պի.Պի.Սի.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մինչեւ Յունուարի վերջը Ծերակոյտի քննարկման պիտի դրուի։
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ բազմաթիւ քաղաքագէտներ տակաւին կը հաւատան, որ Ծերակոյտը «պիտի չշտապէ» օրինագիծը որդեգրելու, մինչեւ Ֆրանսայի յառաջիկայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան յաջորդաբար Ապրիլին եւ Յունիսին։