ՔԱՊՈՒԼ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Յունուար 20ին, աֆղան զինուոր մը կրակ բանալով՝ սպաննեց Աֆղանիստանի մէջ ծառայող ՆԱԹՕի ուժին մաս կազմող չորս ֆրանսացի զինուորներ, եւ վիրաւորեց 15 ուրիշներ:
Նոյն օրը, ՆԱԹՕի ուղղաթիռի մը ջախջախումին հետեւանքով, վեց ամերիկացի զինուորներ մահացած էին: Մինչ «Թալեպան» շարժումը ստանձնեց ուղղաթիռը զգետնելու գործողութեան պատասխանատուութիւնը, ամերիկեան աղբիւրներ պնդեցին, թէ ուղղաթիռը արկածով ջախջախուած էր:
Հինգշաբթի օր, հարաւային Աֆղանիստան գտնուող ՆԱԹՕի խարիսխներէն մէկուն վրայ յարձակումի մը հետեւանքով 7 քաղաքայիններ սպաննուած էին: