ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 24ին աւարտեցաւ աւելի քան վեց տարի առաջ, Եփրատի ափերուն վրայ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրի մը հետապնդումն ու դատավարութիւնը՝ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալով, թէ թատերական դատավարութիւնները վերապահուած չեն միայն Խորհրդային Միութեան կամ մենատիրական ու բռնատիրական այլ կառավարութիւններու, այլ կը շարունակուին մինչեւ օրս իսկ, ծայրայգոյն Արեւմուտքին մէջ, որ ըստ ծանուցուածներուն, պէտք է ժողովրդավարութեան ու արդարադատութեան օրինակը ըլլայ ամբողջ աշխարհին:
Դատավարութիւնը կը վերաբերէր Իրաքի Հատիսա գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի մը, երբ ականի մը պայթումէն եւ իրենց զինակիցին սպանութենէն ետք զայրացած ամերիկացի զինուորներ, իրենց պաղարիւնութիւնը կորսնցուցած՝ սպաննած էին 24 անզէն իրաքցիներ, ներառեալ կիներ եւ երեխաներ:
Բանակը այս հարցով հետապնդած էր 8 ոստիկաններ, սակայն բանտարկութեան ոչ մէկ պատիժ սահմանած էր ամբաստանեալներուն դէմ, որոնցմէ եօթն անպարտ արձակուեցաւ, իսկ զինուորական ջոկատի ղեկավարը, որ ստանձնած էր ոճիրներուն պատասխանատուութիւնը, Երեքշաբթի օր կրցաւ բանտարկութենէն խուսափիլ՝ պարզապէս յայտարարելով, թէ ցաւ կը զգայ տեղի ունեցած ոճիրներուն համար:
Նման վճիռներ բնականաբար չեն նպաստեր Իրաքի ժողովուրդը կամ ընդհանրապէս իսլամները սիրաշահելու յայտարարուած նպատակներուն, որոնք իրենց կարգին՝ զուտ հռետորական կը թուին ըլլալ: