ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Հայ Ազգային Կոնգրեսի առաջնորդ, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Յունուար 26ին Երեւանի մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխտեղակալ Էրիք Ռուպինի հետ։ Անոնք քննարկած են հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին ներկայ վիճակն ու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքը:
«Այնուհետեւ անդրադարձ է եղել Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, մասնաւորապէս՝ ընտրութիւնների օրինականութեան եւ թափանցիկութեան ապահովման հնարաւորութիւններին: Կարեւորուել է միջազգային մեծաթիւ դիտորդական առաքելութեան մասնակցութիւնը ընտրութիւններին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: