
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Փետրուար 8ի նիստին ընթացքին ԱԺի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց. «Մեր ամենափայլուն գաղութներից մէկը՝ Սիրիայի հայկական գաղութը, շատ լուրջ վտանգի տակ է. վտանգը խաժամուժն է, որը նման իրավիճակներում գլուխ է բարձրացնելու եւ արդէն բարձրացրել է»։ Յովհաննիսեան նաեւ նշեց, որ թէեւ հարցը ունի քանի մը երես, բայց զինք ամէնէն աւելի կը հետաքրքրէ հայրենի կառավարութեան կողմէ այդ գծով ունենալիք ծրագիրը՝ իրավիճակի կատարեալ վատթարացման պարագային օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով։
Պատասխանելով Վ. Յովհաննիսեանի կողմէ առաջադրուած մտահոգութեան՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան վստահեցուց, որ հարցը կառավարութեան ամէնօրեայ հարցերուն կարգին է, եւ իրենք կ՛աշխատին համայնքին հետ: «Բնականաբար, մեզ առաջին հերթին մտահոգում է հէնց համայնքի անվտանգութեան խնդիրը: Ուզում եմ Ձեզ հաւաստիացնել, որ հնարաւոր բոլոր միջոցները կ՛օգտագործենք մեր հայրենակիցներին օգնելու հարցում», ըսաւ վարչապետը:
Վահան Յովհաննիսեան, իր հերթին, նշեց, որ առնուազն բաւարարուած է, որ խնդիրը կառավարութեան կողմէ լուսարձակի տակ առնուած է եւ հետաքրքրուեցաւ այն մասին, թէ արդեօք կա՞ն վերաբնակեցման ծրագիրներ: Վարչապետը վստահեցուց, որ խնդիրը կ՛ուսումնասիրեն, իսկ նախապատուութեան գծով ան նշեց. «Ուղղորդելու ենք, որ նախապատուութիւնը տրուի մայր հայրենիքին», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դէպքերու ծայրայեղ վատթարացման պարագային կառավարութիւնը ի՞նչ կը նախատեսէ՝ վարչապետը ըսաւ, թէ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի քննարկուի ունեցուածքային իրաւունքներու եւ վերաբնակեցման նախընտրելի վայրերու հարցը: «Մեծաւ մասամբ մեր հայրենակիցները ձգտելու են վերաբնակուել այնտեղ, որտեղ աւելի շատ հարազատներ ունեն: Մեր ծրագրերում մենք կ՛աշխատենք, որ նախապատուութիւն տրուի հայրենիքին», ըսաւ վարչապետը: