ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնը այսօր՝ Փետրուար 16ի կէսօրին, կը կատարէ Վարդանանց տօնին նուիրուած երթ, որ սկիզբ պիտի առնէ Սուրբ Զօրաւոր եկեղեցիէն՝ Ս. պատարագէն ետք։
Երթին մասնակից հոգեւորականները, երիտասարդները, հասարակական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները պիտի քալեն դէպի Խանջեան փողոցի վրայ գտնուող Վ. Մամիկոնեանի արձան, որուն շուրջ տեղի պիտի ունենայ օրուան խորհուրդը ներկայացնող մշակութային հանդիսութիւն:
Նշենք, որ Սուրբ Վարդանանց նահատակներու յիշատակութեան տօնը կը նշուի Մեծ պահքին նախորդող Հինգշաբթի օրը: Այդ առիթով բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. պատարագ: