ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու, հակազդելով վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ամերիկացի գրող Փօլ Օսթերին հասցէագրուած այն խօսքին, թէ «Կ՛ուզես Թուրքիա եկուր, չես ուզեր՝ մի՛ գար. ի՞նչ կարեւորութիւն ունի»՝ Թուրքիա հրաւիրեց Օսթերը։
Օսթեր նամակով մը պատասխանեց Քըլըճտարօղլուի հրաւէրին ու ըսաւ, թէ նկատի առնելով, որ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներ կան, չէ ուզած Թուրքիա գալ, բայց Քըլըճտարօղլուի նամակը հիմա զինք կը մղէ անգամ մը եւս մտածելու։ Ուստի յարմար առիթով մը հաւանաբար պիտի այցելէ Թուրքիա։
Քըլըճտարօղլուի ու Օսթերի միջեւ արձանագրուած այս զարգացումին անտարբեր չմնաց վարչապետ Էրտողան, որ Քըլըճտարօղլուի ու Օսթերի յանձնարարեց Թուրքիա գալու պարագային՝ երթալ Իսրայէլ ու հոն, դէպի Կազա նայող բարձունքի մը վրայ դաշտագնացութիւն մը կատարել։ Վարչապետ Էրտողան, յիշեցնելով Օսթերի այն առարկութիւնը, թէ Իսրայէլի մէջ բանտարկուած լրագրող չկայ՝ յանձնարարեց, որ ան լաւ ուսումնասիրէ այս խնդիրը, որովհետեւ, ըստ իրեն՝ Իսրայէլի մէջ մեծ թիւով բանտարկուած լրագրողներ կան։