ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ Ազգային կոնգրեսի մամուլի խօսնակ Արման Մուսինեան Փետրուար 27ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ Մարտ 1ին ՀԱԿը պիտի սկսի քաղաքական նոր գործընթացի։ Մուսինեան ընդգծեց, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին Հայաստանի քաղաքական ապագային համար:
Անոր համաձայն, այս ընտրութիւնները պիտի որոշեն, թէ ինչպիսի՛ երկիր պիտի ըլլայ Հայաստանը՝ պատա՞նդ պիտի մնայ վարչախումբին ձեռքը, թէ՞ սկիզբ պիտի դնէ համակարգային փոփոխութիւններու:
Մուսինեան նշեց, որ Հայաստանի ապագայով մտահոգ բոլոր ուժերը պիտի պայքարին իշխանութիւններուն դէմ եւ Հայաստանը պիտի վերադարձնեն բնականոն զարգացման հանգրուանի: Անոր խօսքով, ՀԱԿի թիրախը պիտի ըլլան Սերժ Սարգսեանն ու անոր ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ):
ՀԱԿը նաեւ պիտի փորձէ զօրաշարժի ենթարկել հասարակութիւնը՝ կեղծիքները կանխելու եւ կեղծիքներու մասին բարձրաձայնելու իմաստով: