ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը Երկուշաթբի, Փետրուար 27ին հաղորդեց, որ ռուսական եւ ուքրանական գաղտնի սպասարկութիւնները Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինը ահաբեկելու ծրագիր մը կանխարգիլած են։ Ըստ ծրագիրին՝ Փութինի ահաբեկումը տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ շաբթուան նախագահական ընտրութենէն ետք։
Ուքրանական յատուկ ծառայութիւնները Օտեսայի մէջ ձերբակալած են ռուս մը եւ ղազախ մը։ Փութինի բանբերը հաստատեց լուրը։
Ռուսական պետական պատկերասփիւռի առաջին ալիքը հաղորդեց, որ երկու ձերբակալեալները չեչեն անջատողական ղեկավար Տոքու Ումարովի ցուցմունքով աշխատանքի լծուած էին։
Յայտնենք, թէ նախագահական ընտրութենէն մէկ շաբաթ առաջ, հազարաւոր ցուցարարներ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ցոյց մը կատարեցին Փութինի դէմ: Ցոյցը կը գլխաւորէին ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան հայազգի Գարի Գասփարովն ու ընդդիմադիր ղեկավար Ալեքսէյ Նաւալնին: Հաւաքին համար արտօնութիւն տրուած էր եւ հակառակ մեծաթիւ ոստիկաններու ներկայութեան՝ ձերբակալութիւններ տեղի չունեցան։