ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան համատեղ նիստի մը ընթացքին վիճաբանութիւն մը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի եւ հոլանտացի երեսփոխան Պերի Մատլեների միջեւ, երբ այս վերջինը յայտարարած է, թէ Եւրոմիութիւնը չի փափաքիր Թուրքիան իր կազմին մէջ տեսնել, որովհետեւ այդ երկրին մէջ իսլամութիւնը քննադատելը արգիլուած է։
«Դուք արդէն ինծի համար քննութեան պէս բան մը դարձած էք։ Ամէն ժողովի ընթացքին ձեզի հետ կապուած խնդիր կ՛ունենամ», ըսած է Պաղըշ, ապա մէջբերած թրքական ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «Յիմարներու հետ վէճերուն ընթացքին ես երբե՛ք չեմ յաղթած»։