ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովը, երէկ, առաջին ընթերցումով վաւերացուց «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մասին» օրինագիծ մը, որ, արտակարգ դրութեան պարագային, կարգ ու կանոն հաստատելու պատրուակով կամ պարտաւորութեամբ՝ նախագահի կարգադրութեամբ բանակը կրնայ տանիլ ժողովուրդին հետ արիւնալի ընդհարումի… քայլի մը, որ հիմնովին անհամապատասխան է հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու մէկ ու միակ սրբազան առաքելութեան: Ընդդիմադիր խօսնակները արդարօրէն այս օրինագիծը սպառնալիք կը նկատեն Մարտ 1ի ողբերգական իրադարձութեանց կրկնութեան:
Մարտ 1ը կը խորհրդանշէ մեր անկախ պետականութեան ամէնէն տխուր օրերէն մէկը, որուն յիշողութիւնը մեզի պէտք է մշտապէս ընկերանայ ու մեզ զգաստացնէ՝ մղելով գործելու ու աշխատելու այնպէս, որ բացարձակօրէն բացառուի անոր կրկնութիւնը:
Այս յիշողութիւնն է, որ այսօր մեզ կ՛անհանգստացնէ, մանաւանդ, երբ Ազգային ժողովի ղեկավարները, իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որոնք իբրեւ այդպիսիք՝ որոշ պատասխանատուութիւն կը կրեն կատարուածին համար, անհասկնալի անզգայութեամբ, որոշեցին այս տարելիցի օրը քուէարկութեան դնել Մարտ 1ի նման իրադարձութիւններ դիմագրաւելու օրինագիծ մը, որ կրնայ բանակը դարձեալ գործիքի վերածել՝ սեփական ժողովուրդին վրայ բռնացող քայլերու:
Ընդվզեցնող այս անզգայութիւնը իւրայատուկ ձեւով քննադատած է Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեանը՝ «Ֆէյսպուք»ի մէջ արձանագրելով հետեւեալ միտքը. «Այսօր (Մարտ 1ի տարելիցին-Խմբ.), ցաւալի զուգադիպութեամբ եւ ցաւալի անտարբերութեամբ կամ «համոզումով», Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութիւնն ընդունեց ՀԱԿԱՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ մի օրէնք, որով խաթարւում են ՀՀ Սահմանադրութեան մի շարք նորմեր, այդ թւում՝ իրաւունք տալիս ՀՀ նախագահին՝ Զինուած ուժերին մասնակից դարձնելու արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմին»:
Իրապէս չարաբաստիկ զուգադիպութիւն…