ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ցոյց տալով, որ երկրին մէջ անգործութեան համեմատութիւնը կը գտնուի նուազելու ընթացքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական նախարարութիւնը Ուրբաթ, Մարտ 9ին հաղորդեց, թէ Փետրուար ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը կրցած է գոյացնել 227,000 նոր աշխատատեղիներ: Սակայն, նկատի ունենալով, որ աշխատանք փնտռողներուն թիւը շարունակած է աճիլ, անգործութեան համեմատութիւնը Փետրուար ամսուան ընթացքին անփոփոխ մնացած է (8.3 առ հարիւր): Յատկանշական է նաեւ այն, որ աշխատատեղիներ աւելցած են շարք մը մարզերու մէջ:
Նոյն օրը, առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին առեւտուրի բացը զգալիօրէն աճած է՝ հասնելով երեք տարիներու ընթացքին ամենաբարձր կէտին, որովհետեւ մէկ կողմէ ներածումները, յատկապէս՝ ինքնաշարժներու, համակարգիչներու եւ ուտեստեղէնի, աճած են, իսկ միւս կողմէ՝ դէպի Եւրոպա արտածումները նուազած: