ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի իշխող կուսակցութեան՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) ներկայացուցիչներուն բերնով մամուլին մէջ սպրդած էր լուր մը, ըստ որուն՝ այդ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիատի ձերբազատուի գործարար պատգամաւորներէն եւ Ազգային ժողով պիտի բերէ նոր՝ երիտասարդ ու մտաւորական ուժեր: Կրնա՞նք հաւատալ այդպիսի զրոյցներու: Դժբախտաբար ո՛չ:
Թէեւ ՀՀԿի համամասնական ցուցակը տակաւին չէ հրապարակուած, սակայն յայտնի դարձած են մեծամասնական տեղերուն համար անոր ճշդած 33 թեկնածուներուն անունները, որոնք կը հաւաստեն, թէ Ազգային ժողովի նոր կազմէն մեծ ակնկալութիւններ չենք կրնար ունենալ:
Արդարեւ, ՀՀԿի առաջադրած մեծամասնական թեկնածուներու շարքին են՝ Քանաքեռ-Զէյթունէն «Քեթրին գրուպ» ընկերութեան տնօրէն Արթուր Ստեփանեան, Արաբկիրէն՝ ՍԱՍ «սուփըրմարքե»չներու ցանցի սեփականատէր Արտակ Սար-գսեան, Դաւիթաշէնէն՝ ներկայ թաղապետ Արթուր Գէորգեան, Աջափնեակէն՝ թաղապետ Ռուբէն Յովսէփեան (գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի եղբայրը):
Շարունակենք շարքը. Մալաթիայէն պիտի առաջադրուի տխրահռչակ Սամուէլ Ալեքսանեանը («լըֆիկ Սամօ»ն), Երեւանի 8րդ շրջանէն՝ «լըֆիկ»ի ազգական Կորիւն Նահապետեանը, Շէնգաւիթէն՝ «Բելաջիօ» ճաշարանի սեփականատէր Գրիգորի Մարգարեանը, Էրեբունիէն՝ նախկին թաղապետ Մհեր Սեդրակեանը («Թոխմախի Մհերը»), 21րդ շրջանէն՝ «ՄԱՊ» գինիի ու քոնիաքի գործարանի սեփականատէր Ալիկ Պետրոսեանը, 22էն՝ «Եւրոստան-ույուտ» ընկերութեան սեփականատէր Մանուէլ Բադէեանը, 32էն՝ նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար եւ «Տաշիր» ընկերութեան սեփականատէր Կարէն Կարապետեանը, 33էն՝ Հրազդան մարզադաշտի եւ շուկայի սեփականատէր Աշոտ Աղաբաբեանը («Բուռնաշ»), 38էն՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային հանքարդիւնաբերական ընկերութեան համասեփականատիրոջ որդին՝ Վահէ Յակոբեանը, իսկ 40րդ ընտրատարածքէն՝ «Մասիս-տաբակ» ընկերութեան համասեփականատէր Միքայէլ Վարդանեանը:
Այս թեկնածուները, որոնք վստահաբար պիտի ընտրուին, Ազգային ժողովին դիմագիծը դժուար թէ կարենան բարելաւել: