ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը որոշ ժամանակուան համար փակ պիտի մնայ այցելուներուն դիմաց՝ վերանորոգման աշխատանքներու պատճառով։ Այս հաստատումը կատարեց թանգարանի տնօրէն, մեծ նկարիչի թոռնուհի Ռուզան Սարեան, որ դիտել տուաւ, թէ աշխատանքները պէտք է սկսէին Մարտին, սակայն յետաձգուեցան մինչեւ ամրան սկիզբ: Մինչ այդ, թանգարանը պիտի գործէ իր սովորական ժամանակացոյցին համաձայն, իսկ Յունիսին պիտի փակուի: Ան նաեւ ըսաւ, թէ թանգարանի 45ամեակը չի նշուիր վերանորոգման պատճառով, որովհետեւ յստակ չէ, թէ աշխատանքները որքան ժամանակի կը կարօտին։
Թանգարանի շէնքը այսօր չունի այն պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են Սարեանի արուեստը լաւապէս ներկայացնելու։ Այս մասին տակաւին անցեալ տարի խօսուեցաւ, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան թանգարան այցելեց։ Անկէ ետք մշակոյթի նախարարութեան յանձնարարեց այդ հարցին լուծում գտնել։ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետին յանձնարարուած է շէնքի տարածքը ընդարձակել, որովհետեւ թանգարանը ֆոնտերու եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու համար նախատեսուած ցուցասրահի ստեղծման կարիք ունի (ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ կազմակերպելու համար թանգարանին մէջ մնայուն ցուցադրութեան սրահէն նկարներ կը վերցուին)։ Թանգարանը 2001-2002ին նորոգուած էր «Լինս«ջ հիմնադրամի միջոցներով: Նշենք նաեւ, որ թանգարանին մէջ Մայիսին պիտի նշուի նկարիչի մահուան 40ամեակը։