ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան 41 ընտրատարածքներուն մէջ մեծամասնական կարգով առաջադրուած են 180 թեկնածուներ։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքէջին համաձայն, Հայաստանի իշխող՝ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած են 32 թեկնածուներ, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կողմէ՝ 16, «Օրինաց երկիր»ի՝ 11, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ 8, «Ժառանգութեան»՝ 7, «Հայոց համազգային շարժում»ի՝ 8։ Երկուքական թեկնածուներով առաջադրուած են «Ժողովրդավար հայրենիք» եւ «Ժողովրդական» կուսակցութիւնները։ Մէկական թեկնածու ունին Հայաստանի Մարքսիստական, Կոմունիստական, «Ժողովրդավարական ուղի», «Լիբերալ», «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները։