Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Աւանդական սովորութիւն են ընտանեկան յարկերէն ներս ընթրիքի հաճելի հաւաքները: Ուտելով, զրուցելով, համեղ պատառներու պատրաստութեամբ ընտանեկան մտերմիկ մթնոլորտը առաւել եւս կը ծաղկի, միաժամանակ՝ երջանկութեան րոպէներ ու անմոռանալի յիշատակներ կը պարգեւէ բոլորին: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ ունենալու առողջ մարմին, միտք ու հոգի: Որպէս ծնողք՝ բոլորիս համար ալ գերագոյն նպատակ է պատրաստել կամ առնուազն, նպաստել որ մեր երեխաները աճին ու զարգանան որպէս ամբողջական առողջ էակներ իրենց մարմինով, հոգիով ու միտքով: Ընտակեկան առողջարար ընթրիքի ժամը այդ մէկուն կրնայ նպաստել:
Պատրաստեցէք այն ուտելիքները, որոնք սննդարար են:
Նկատի ունենալով որ շաբթուան հինգ օրերը աշխատանքային իրավիճակ է, կարելի եղած չափով պէտք է ընտրել այնպիսի ճաշատեսակներ, որոնք սննդարար ըլլալով հանդերձ շատ ժամանակ չխլեն ձեզմէ: Շատ կարեւոր իրականութիւն մը. կարելի եղած չափով ընթրիքէն ետք մաքրութեան ժամանակը պէտք է նուազեցնէք, որպէսզի մնացեալ երկու երեք ժամերուն մեծամասնութիւնը խոհանոցին մէջ չանցընէք: Բնական է, պիտի ըլլան օրեր, երբ համեմատաբար աւելի երկար պիտի մնաք խոհանոց, բայց սովորաբար այդ ժամանակը շատ սերտուած պէտք է ըլլայ:
Առ այդ, կարգ մը խորհուրդներ.-
Արագ ցօղուեցէք. առաւօտեան կաթով պատրաստուած «սմութի»ին (smoothie) սափորը անմիջապէս կիսով լեցուցէք տաք ջուրով եւ քանի մը կաթիլ ամաններու հեղուկ օճառով: Բերանը լաւ ամրացուցէք եւ վեր-վար քանի մը անգամ լաւ ցնցեցէք: Ապա ցօղուեցէք արատ տաք ջուրով:
Արագ «սմութի» պատրաստելու համար կարելի է պարզ մածունը խառնել սառած հատապտուղներով, քաշուած կտաւատի (flax seed) հատիկներով, պանանով եւ ձեր նախասիրած պտուղի հիւթով, որ աւելցուած արհեստական քաղցրութիւն չունի:
Եթէ կը պատրաստէք այնպիսի փաթթոցներ, որոնք կրնան դիմանալ մէկ-երկու օր, նախընտրաբար նախապէս ու միաժամանակ պատրաստեցէք զանոնք եւ սառնարանը զետեղեցէք:
Տապակներուն յատակը ալամինիում թուղթ տարածեցէք: Միսը, ձուկը կամ հաւը կամ նոյնիսկ բանջարեղէնները խորովելու ժամանակ կարելի է այս միջոցին դիմել, երկար շփելով մաքրելու ժամանակը խնայելու համար:
Մէկ տեսակը, կամ եթէ հնարաւոր է քանի մը տեսակը հերթականութեամբ նոյնիսկ նոյն տապակին մէջ պատրաստեցէք: Այսպէս, քանի մը տապակի փոխարէն միան մէկ հատ պիտի լուաք: Այս մէկը ականջի ալ շատ լաւ կը հնչէ: Ոչ ոք տապակներու հաւաքածոյ մը լուալէ կ՛ախորժի:
Երեխաներն ալ մասնակից դարձուցէք. ընթրիքի պատրաստութեան համար ձեր երեխաներուն ալ մասնակցութիւնը խնդրեցէք: Անոնք առաջին հերթին օգնել շատ կը սիրեն, ապա կրնան սորվիլ աշխատանք եւ արագաշարժութիւն: Անշուշտ աշխատանքային ժամանակը կը նուազեցնեն եւ միաժամանակ աշխատանքի ընթացքին մտերմութիւն ալ կը ստեղծուի տան անդամներուն միջեւ: Ամէնէն աննշան գործն անգամ եթէ կատարեն, ապա ձեր ծախսելիք ժամանակը կը կրճատուի:
Եթէ որեւէ տապակ մը կամ փուռի ափսէ մը շատ կարծրացած եւ այրած եզերքներ կամ յատակ ունի, անոր մէջ տաք վիճակի մէջ տաք ջուր լեցուցէք եւ ապա շատ ցած կրակով դրէք օճախին վրայ: Յիշեցէք, որեւէ հետք տաք վիճակին մաքրելը աւելի լաւ է, դիւրին եւ նուազ ուժ կը պահանջէ, քան պաղած ու հանգչած վիճակի մէջ:
Եթէ ձեր լուացարանը երկու բաժին ունի, մէկ կողմը տաք ջուրով ու քանի մը կաթիլ ամաններ լուալու հեղուկով լեցուցէք, ապա մէջը զետեղեցէք կաթսաները տապակները դանակները եւ ամէն բան որ գործածած էք ընթրիքի պատրաստութեան համար: Մինչեւ ընթրիքին աւարտը արդէն պէտք եղածին չափ կը խմորի ու դժուարութիւն չի տար ձեզի:
Հաճելի ժամանակի վերածեցէք. երաժշտութիւնը երբեք չի խանգարեր այլ միայն կրնայ նպաստել: Կարելի է նաեւ ժամանակ դնել տաս կամ տասնհինգ րոպէ ու ըստ այնմ արագ-արագ աշխատիլ: Թէ՛ մարզանք, թէ՛ ա-րագաշարժութիւն եւ թէ մաքրութիւն կը սորվեցնէք ձեր երեխաներուն երաժշտութեան հետ միասին:
Նկատի առէք ժամանակ խնայող այս կարեւոր կէտերը եւ ի գործ դրէք զանոնք ձեր ընտանեկան յարկէն ներս: Այսպիսով կրնաք չխուսափիլ տունը ընթրիք պատրաստելէ եւ համեղ ու օգտակար պատառներ հրամացնելէ: Ամէն անգամ որ գործէ խուսափելով «թու կօ» (to go) բան մը առնելու մասին մտածէք, յիշեցէք այս կարեւոր խորհուրդները:
Ուրախ եւ առողջ ապրիլը արուեստ մըն է, որուն համար կ՛արժէ ամէն փորձ կատարել, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկան ձեր երեխաներուն առողջութիւնն է: