
ԷՆՍԻՆՕ.- ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 29ին, կ.ե. ժամը 1:30ին տեղի պիտի ունենայ «Ուրացման դէմ հեծելարշաւ»ը, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել 97 տարիներէ ի վեր շարունակուող Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:
Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 11ին: Արձանագրութեան սակը 5 տոլար է, իսկ հեծելարշաւը պիտի սկսի «Ֆերահեան» վարժարանէն (5300 White Oak Avenue Encino, CA 91316):
Յաւելեալ տեղեկութեանց հանար, դիմել cycleagainstdenial@gmail.com հասցէին կամ (818) 370-0793 թիւին: