
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական տպագրութեան 500ամեակի ծիրին մէջ 2 Մայիսին նշուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութեան 90ամեակը:
Ըստ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի, ԵՊՀ հրատարակչութիւնը Հայաստանի մէջ գործող հնագոյն հրատարակչութիւնն է, որ իր գործունէութեան ընթացքին տպագրած է ուսումնագիտական գրականութիւն:
«Մեր հրատարակչութիւնը մեծ ծառայութիւններ ունի գրքի տպագրութեան, տարածման առումով: Այնտեղ հրատարակուել են մի շարք բարձրարժէք հրատարակութիւններ», ըսաւ ան։
ԵՊՀ հրատարակչութեան տնօրէն Պերճ Ստեփանեանի համաձայն, ԵՊՀ հրատարակչութիւնը գործած է անդադրում կերպով, նոյնիսկ Հայաստանի համար ամէնէն ծանր ժամանակաշրջաններուն:
«Հպարտ եմ, որ 14 տարի ղեկավարել եմ այսպիսի հրատարակչութիւն: Մենք ծառայել ենք գիտութեանն ու գրականութեանը: Մեր խնդիրն է հրատարակչական գործը զարգացնել եւ աւելի առաջ տանել», դիտել տուաւ Ստեփանեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նախարարութեան կողմէ պատուոյ գիր յանձնեց ԵՊՀ հրատարակչութեան:
ԵՊՀ հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած 130 հատոր արժէքաւոր գիրքերու լոյս ընծայման աջակցելուն համար, Հայաստանի մշակոյթի, նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները ոսկէ մետալներ յանձնեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի նախկին տնօրէն Զաւէն Եկաւեանին:
Մատենադարանի տնօրէնութիւնը «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալով պարգեւատրեց Պերճ Ստեփանեանը, իսկ գրատպութեան մէջ ունեցած մեծ վաստակի համար՝ Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած յուշանուէրային հրատարակութեամբ պարգեւատրեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի նախկին տնօրէն Զաւէն Եկաւեանը:
ԵՊՀ հրատարակչութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին հրատարակած է 5000 գիրք: