ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Կեդրոնական ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալ Դաւիթ Յարութիւնեան յայտնած է, որ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կ՛ուսումնասիրէ ընտրողներուն տուեալները քաղաքական ուժերուն տրամադրելու կարելիութիւնները։ «ԱԱԾն դրական պատասխան է տուել, եւ Մայիսի 3ին կը լինի վերջնական պատասխանը», ըսած է Յարութիւնեանը: Անոր համաձայն, տուեալները կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն պիտի տրամադրուին գրաւոր կերպով եւ այն պայմանով, որ անոնք օգտագործուին միայն ընտրութիւններուն ընթացքին։
6 Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող ինը քաղաքական կուսակցութիւններէն հինգը՝ Հայաստանի հանրապետական, «Օրինաց երկիր», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Հայաստանի դեմոկրատական, Հայաստանի կոմունիստական, «Բարգաւաճ Հայաստան» 28 Ապրիլին դիմում ներկայացուցած էին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ համապատասխան տեղեկութիւն ստանալու խնդրանքով։ Անոնք կ՛ուզէին սահմանապահ զօրքերուն կողմէ օգտագործուող Սահմանային ելեկտրոնային կառավարման տեղեկատուական համակարգէն տեղեկութիւն ստանալ այն մասին, թէ այս կամ այն անձը ե՞րբ հատած է սահմանը: Տուեալները կարելի է օգտագործել 6 Մայիսէն մինչեւ այն ժամկէտը, երբ կարելի է վիճարկել ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ստացուած տուեալները կարելի է օգտագործել ընտրութիւններուն արդիւնքները անվաւեր նկատելու պահանջք ներկայացնելու եւ իրաւական խախտումներ կատարող անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար ոստիկանութեան դիմելու համար: