ՔԵՄՊՐԻՃ, «Մարմարա».- Յառաջիկայ 24 Մայիսին, Քեմպրիճի )Մեսեչուսեց) «Ռոյըլ Սոնեսթա» պանդոկի սրահներուն մէջ պիտի կայանայ ընդունելութիւն-ճաշկերոյթ մը, նուիրուած «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 80ամեակին։ Օրուան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան։
Ձեռնարկի ընթացքին երկարամեայ ծառայութիւններու համար սահմանուած մրցանակ մը պիտի շնորհուի «Պենթլի» համալսարանի վերատեսուչ եւ պատուակալ նախագահ, տոքթ. Կրեկըրի Ադամեանին, իսկ «գերազանցութեան» համար նախատեսուած երկու մրցանակներէն մէկը՝ «Էն.Պի.Սի» լրատուական գործակալութեան թղթակից Ժանէթ Շամլեանին, իսկ միւսը Ուաշինկթընի «Փոլիթիքօ» թերթի ազգային հարցերու խմբագիր Չարլզ Մահտեսեանին։
Նշենք, որ 1932ին Ուոթըրթաունի մէջ հիմնուած էր ՌԱԿի «Արմինիըն Միրըր» եւ 1934ին ալ Նիւ Եորքի մէջ հիմնուած էին «Արմինիըն Սփեքթէյթըր» թերթերը, որոնց միացումով վերոյիշեալ շաբաթաթերթը սկսաւ լոյս տեսնելու Ուոթըրթաունի մէջ։ Յետագային փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք եւ 1951էն ալ՝ Պոսթըն։
«Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթը կը նկատուի անգլիատառ առաջին հայկական պարբերականը Ամերիկայի մէջ։ Թերթի խմբագրութեան պատասխանատու պաշտօնը վարած են ըստ հերթականութեան՝ Եղիշէ Չըրաքեան, Պետրոս Նորհատ, Ուիլիըմ Սքոթ Քելլի, Ճեք Անդրէասեան, Պապ Վահան, Գրիգոր Ոսկանեան, Վարուժան Սամուէլեան, Հէլէն Փիլիպոսեան-Սարգսեան, Պարպարա Մէրկէրեան, Արա Գալայճեան։ 2000էն սկսեալ Ալին Գրիգորեան ստանձնած է այդ պաշտօնը։ Խմբագիրի օգնականն է Արամ Արքուն։ Թերթի յօդուածագիրներէն են Երուանդ Ազատեան, Ֆլորընս Աւագեան, Տեֆնի Ապիլ, Յակոբ Վարդիվառեան, Յարութ Սասունեան եւ Նենսի Գալայճեան։