Երեւանի մամուլի ակումբը, Եւրասիայ համագործակցութեան հիմնադրամի հետ համագործակցաբար, պիտի կազմակերպէ Հայաստանի-Թուրքիոյ լրատուամիջոցներու կլոր սեղան մը, որ տեղի պիտի ունենայ 4-6 Յունիսին։ Ձեռնարկը ընթացք պիտի առնէ 4 Յունիսին, Երեւանի «Անի փլազա» հիւրանոցի «Գառնի» սրահին մէջ:
Կլոր սեղանին պիտի մասնակցին քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներ՝ Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն: Մասնակիցները պիտի քննարկեն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ կարգավիճակը եւ անոր մասին Հայաստանի ու Թուրքիոյ լրատուամիջոցներուն կողմէ տրուած լուսաբանութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի փորձեն գտնել ուղիներ, որոնք կրնան օգնել բարելաւելու այդ լուսաբանումը: Քննարկման առարկայ պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն լրատուամիջոցներուն իրավիճակը։ Երեւանի մամլոյ ակումբին եւ Իզմիրի տնտեսական համալսարանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչները պիտի զեկուցեն լրատուամիջոցներուն մէջ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին կատարուած լուսաբանութիւններուն հետեւելով ձեռք բերուած արդիւնքներուն մասին։ Վերջինս կատարուած է 2011ի աշնան:
Կլոր սեղանը կը կազմակերպուի «Աջակցութիւն՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման» ծրագիրի ծիրին մէջ։ Ծրագիրը կ՛իրականացուի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութեամբ՝ միջազգային համաձայնութեան կողմէ, որուն մաս կը կազմեն Եւրասիայ համագործակցութիւն հիմնադրամը, Երեւանի մամուլի ակումբը, Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնը եւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու (գործատուներու) միութիւնը: Ծրագիրին կը մասնակցին Թուրքիայէն շարք մը գործընկերներ, որոնց կարգին՝ Համաշխարհային քաղաքական միտումներու ուսումնասիրութեան կեդրոնը, Առեւտուրի զարգացման հայ-թրքական խորհուրդը, «Անատոլու քուլթիւր» կազմակերպութիւնը, ԳԱՅԱՅ հետազօտական հիմնարկը, Իզմիրի տնտեսական համալսարանի Լրատուամիջոցների եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքը, «Թօփլում կոնուլլուլերի» հիմնադրամը եւ Թուրքիոյ Տնտեսական քաղաքականութեան հետազօտութեան հիմնադրամը: