ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մեզի աջակից, կողմնակից, զօրակից ու բախտակից մարդոց կրնանք հանդիպիլ այս կեանքի մէջ, որոնք պատրաստ ըլլան մեզի համար, կամ մեր փոխարէն որոշ զոհողութիւններ ստանձնելու: Մինչեւ իսկ խոստում տուողներ կրնան ըլլալ, թէ մեր փոխարէն մահուան պիտի երթան: Յիսուսի ընտրած տասներկուքէն մէկըa՝ Պետրոս, մինչեւ մահ իր Վարդապետը չուրանալու եւ Անոր մօտէն չհեռանալու խոստում տուաւ, մինչեւ իսկ մեռնիլ պէտք ըլլայ, Քեզ պիտի չուրանամ, ըսաւ ան (Հմմտ. Մր 14.31), սակայն դեռ աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ ուրացաւ իր Տէրը:
Կեանքի պայքարին մէջ առանձին կռուող զինուորները միշտ հակամէտ են յոգնելու: Մարդիկ միշտ զինակիցներ կը փնտռեն, իրենց կեանքի պայքարը յառաջ տանելու համար: Երկիրներու պարագային ալ նոյնն է. միշտ դաշնակիցներ կը փնտռեն երկիրներ, պատերազմական դժուար կացութեանց մէջ իրարու նեցուկ կանգնելու հեռանկարով:
Ոմանց հայեցողութեամբ, ամուսնութիւնը զինակցական այդ դաշնադրութիւններէն է, երբ մարդիկ կեանքի ովկիանոսին մէջ առանձին չնաւելու համար, այս այլընտրանքին կը դիմեն: Մասնաւորաբար իգական սեռին մօտ յայտնուող երեւոյթ է, ամուսնութեան մէջ ապահովութիւն փնտռելը: Այս ուղղութեամբ կատարուած հարցախոյզներ կու գան ցոյց տալու, թէ այս սեռին պատկանողներուն մէջ շատ քիչերն են, որոնք ամուսնութիւնը նախ սիրոյ վրայ կը հիմնեն: Անոնց առաջին ընտրութիւնը կ՛երթայ ունենալուն զօրաւոր ամուսին, որ պիտի կարենայ զիրենք պաշտպանել կեանքի ամէն վտանգներուն դիմաց: Այդ վտանգները միայն թշնամիներու յարձակումները չեն, այլ ընդհանրապէս ապահովութիւն, իր բոլոր իմաստներով՝ նիւթական, բարոյական, թշնամական եւ այլ:
Ուրիշներ ալ կան, որոնք հաւաքականութեան, ընկերութեան, կազմակերպութեան եւ կամ միութեան կ՛անդամագրուին, դարձեալ առանձին չմնալու համար այս կեանքի ընթացքին: Յատկապէս անապահով կացութիւններու մէջ, մարդիկ միշտ հետամուտ են գտնել իրենց օժանդակող, ու մանաւանդ պաշտպանող անհատներ: Միայն տկար բնութեամբ անձերը չեն որ նման ձգտում կ՛ունենան, այլ գրեթէ ամէն մարդ, որովհետեւ մարդկային բնութեան ներհակ վիճակ է առանձնութիւնը այս կեանքի մէջ:
Դժբախտութիւնը կը սկսի սակայն այն պահուն, երբ մեզի օժանդակելու համար ընտրուած անձը, առանց իմանալու իր դերակատարութիւնը, հակառակ ընթացք կը բռնէ, երբեմն գիտակցաբար եւ երբեմն անգիտակցաբար, ու օգնելու փոխարէն կը վնասէ, բուժելու փոխարէն կը հարուածէ:
Վերոյիշեալ կեցուածքին ու մօտեցման գիտակից տեսակը, բնականաբար վտանգաւոր է: Իսկ անգիտակից դիրքորոշման պարագային, մեզի օժանդակելու կոչուած անձին յանցանքը նուազագոյնի կ՛իջնէ, նայած թէ այդ անձին միտքին մէջ ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեզ պաշտպանելու մտածումը: Ոմանք այդ պաշտպանութիւնը կ՛իմանան նոյնիսկ մահէն անդին: Այսինքն՝ մեր մեռնելէն վերջ, մեր վրէժը լուծելով, իրենք բաւարարուած կը զգան: Այս ալ ուրիշ տեսակ մօտեցում է, որուն համոզումը ունեցողներ շատ կարելի է գտնել կիսաքաղաքակիրթ ժողովուրդներու մէջ:
Կ՛ըսուի թէ մէկը քիւրտին տունը այցելութեան գնաց: Արեւելեան սովորութեան համաձայն սեղան փռուեցաւ գետնին, ճաշկերոյթ սարքուեցաւ, կենացներ սկսան խմուիլ, ու գետնի բազմոցին վրայ ընկողմանած հանգի՜ստ կը վայելէին պատրաստուած կերակուրներն ու խորոտիկները, երբ յանկարծ դուրսը լսուող աղմուկը սկսաւ աւելի բարձրանալ:
Հիւրը, որ տուն մտած վայրկեանէն լսած էր դուրսի իրարանցումը, սակայն ոչ մէկ հարցում ուղղած էր տանտէրին, հիմա սկսած էր մտահոգուելու, որովհետեւ աղմուկը սովորական ձայներու չէր նմաներ, այլ կռիւի տպաւորութիւն կը թողուր, ու հետզհետէ կը մօտենար տան: Ինք ալ ամբողջովին անծանօթ ըլլալով շրջանի բնակչութեան, իսկապէս վախ կը զգար այդ պահուն:
Ստիպուած, հիւրը տանտէր քիւրտին հարցուց թէ ինչո՞ւ համար է այդ դուրսի աղմուկը եւ կռիւի ազդանշան եղող այդ աղաղակներուն պատճառը ի՞նչ է:
Քիւրտը, որ շատ անհոգ ու անտարբեր երեւոյթ ունէր, եւ բնաւ չէր մտահոգուեր դուրսի աղմուկով, սառնասրտութեամբ դարձաւ ու իր հիւրին ըսաւ.
_ Բա՛ն չկայ, տունս մտած վայրկեանէդ, մեր կողքի թաղի քիւրտերը հաւաքուած ու իրար անցած, կ՛ուզեն քեզ սպաննել:
Մարդը վախէն դեղնած, արիւնը քամուած, օտար միջավայրի մէջ իր կեանքը կորսնցնելու վտանգը աչքերուն մէջ, իր քիւրտ հիւրընկալին կը նայէր պապանձած, փրկութեան ելք սպասելով անկէ: Սակայն զարմանքը մեծ եղաւ, երբ քիւրտը նոյն պաղարիւնով ըսաւ իրեն.
_ Հոգ մի՛ ըներ, իրենք թող սպաննեն քեզ, տե՛ս թէ մենք ինչպէ՛ս վրէժդ կը լուծենք, եւ քու փոխարէն քանի հոգի կը սպաննենք իրենցմէ:
Հիւրը աւելի շշմած էր այս պատասխանին վրայ: Ուրեմն իր սպանութենէն ետք լուծելիք վրէժով կը հպարտանար իր հիւրընկալը…:
Մեր կեանքին մէջ ալ այսպիսի անձերու կը հանդիպինք երբեմն: Ասոնք մեր անգիտակից պաշտպաններն են, որոնք ճիշդ է երբեմն իրենց կեանքին գնով կը մաքառին մեր թշնամիներուն դէմ, սակայն ի վերջոյ, մեր սպանութենէն ետք մեր վրէժը լուծելու իրենց կարողութեամբ կը հպարտանան: Ի՞նչ կարիք կայ վրէժի, երբ արդէն չարիքը հասած է: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Արիւնով արիւն չեն լուար, այլ ջուրով արիւն կը լուան»: Ազգային կեանքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար վրէժխնդիր ըլլալը առաքինութիւն է: Սակայն, ընկերային կեանքի բոլոր երեւոյթներուն դիմաց վրէժխնդրութիւնը «տեղ չի՛ հասցներ», այլ նոր ոճիրներու, ոխակալութեան եւ փոխադարձ թշնամութիւններու դուռ կը բանայ:
Վա՜յ այն մարդուն, որ վերոյիշեալ հիւրընկալին նման պաշտպան ունի: Անիկա իր ամէն կարողականութեամբ քեզ պաշտպանելու կը ձգտի, սակայն մահէդ ետք իսկ վրէժ լուծելու գնով: Այսինքն արդէն երբ դուն չկաս, ի՞նչ իմաստ ունի այդ վրէժը, կամ ի՞նչ նշանակութիւն ունին այն բազմաթիւ սպանութիւնները, զորս իբրեւ քու վրէժդ պիտի կատարուին հակառակորդներուդ խումբին մէջ:
«Մենք Վրէժդ կը լուծենք» ըսողներուն հետ երկար ճամբայ երթալու չէ՛: Անոնք անհոգ քիւրտին նման կրնան վերաբերուիլ քեզի հետ, երբ թշնամիներով պաշարուած ես, այն մտածումով, որ մէկի տեղ հազար հարուած պիտի տան անոնց իբրեւ փոխվրէժ: Ինքնապաշտպանութեան դիմելը, այս պարագային, լաւագոյն յոյսն է մարդուն, ազատելու համար «Մենք վրէժդ կը լուծենք» ըսողներու սին յոխորտանքէն, ու փայփայած ապագայ անիմաստ վրէժ-խնդրութենէն: