ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան դէմ դատ բացուած է՝ երեխաներու մօտ հայերու եւ յոյներու նկատմամբ խտրականութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու մեղադրանքով: Ըստ թրքական «Թարաֆ» թերթին՝ թրքական դպրոցներու 8րդ դասարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած աւարտական քն-նութեան հարցարանին մէջ, հայերը եւ յոյները բնորոշած են իբրեւ դաւաճաններ:
Քննական հարցը ունեցած է հետեւեալ բովանդակութիւնը. «Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք, մեր երկիրի գրաւման ի պատասխան՝ Պոլսոյ կառավարութիւնը լուռ եւ անտարբեր մնաց: Դարեր շարունակ թուրքերու հետ միասին խաղաղ եւ ապահով կեանք վարած որոշ յոյներ ու հայեր եւս համագործակցեցան բռնագրաւիչներուն հետ»: