ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Օտար երկիրներու մէջ գործող Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններուն Յունուար-Մարտ 2012ին կատարուած են նուիրատուութիւններ՝ 245.8 միլիոն դրամի սահմաններուն մէջ (մօտ 600 հազար տոլար), իսկ ծախսերը կազմած են 164.8 միլիոն դրամ (մօտ 400 հազար տոլար):
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, 28 Յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը այդ եկամուտները ներառեց պետական պիւտճէին մէջ՝ դիւանագիտական ծառայութիւններու նիւթական ծախսերուն բաժինին մէջ:
Ըստ գործող կարգին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եռամսեայ դրութեամբ կառավարութեան հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ՝ դիւանագիտական ծառայութիւններուն կատարուած նուիրատուութիւններուն վերաբերեալ: