
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք գրականութեան մէջ վերջին շրջանին աշխուժացած են այն մտաւորականները, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՛արծարծեն Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը։ Նման գրողներէն է թուրք կին հեղինակ Էլիֆ Շաֆաքը, որ Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Լորեն Պիլի կողմէ պարգեւատրուած է «Արուեստի եւ գրականութեան ասպետ»ի շքանշանով՝ միջմշակութային երկխօսութեան եւ մարդու իրաւունքներու ազատութեան բնագաւառին մէջ իր ունեցած ծառայութեան համար։ Այս մասին յայտնած է «Արմէնփրէս»՝ վկայակոչելով «Հապըրթուրք» պարբերականը:
Ֆրանսայի դեսպանը նշած է, որ այս մրցանակը մեծ կարեւորութիւն ունի գրականութեան եւ արուեստի բնագաւառին մէջ: Անդրադառնալով «Հայրը եւ ապօրինի զաւակը» գիրքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար թուրք հասարակութեան կողմէ Շաֆաքի դէմ սկսած շարժումներուն, ինչպէս նաեւ «թրքութիւնը վիրաւորած ըլլալու» պատճառաբանութեամբ գրողին դէմ բացուած դատին՝ Պիլին գոհունակութիւն յայտնած է այն մասին, որ դատը հետագայ չշարունակուեցաւ։ «Որքան լաւ է, որ այդ դժուարութիւնները հարուած չհասցուցին Ձեր քաջութեան՝ Ձեր իսկ աշխատանքներով ազդելու թուրք հասարակութեան ենթագիտակցութեան վրայ», նշած է Ֆրանսայի դէպսանը:
Շաֆաք իր կարգին յայտնած է, որ գիրքի հրատարակութենէն ետք մեծ թիւով ընթերցողներ կապ հաստատած են իրեն հետ ու նշած, որ գիրքը իրենց կարելիութիւն տուած է միանալու տարբեր աշխարհայեացք ունեցողներու եւ յոյսի նշոյլ մը ունենալու։ Բարձր գնահատելով իրեն շնորհուած պարգեւը՝ թուրք գրողը ըսած է, որ անիկա խթան պիտի հանդիսանայ հետագային եւս նման ստեղծագորութիւններ հրապարակելու։
Նշենք, որ Էլիֆ Շաֆաքի «Հայրը եւ ապօրինի զաւակը» գիրքը լոյս տեսած է 2006 թուականին եւ կարճ ժամանակի ընթացքին եղած է Թուրքիոյ ամէնէն ընթերցուած գիրքերէն մէկը: Գիրքը կը պատմէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող երկու ընտանիքներու մասին, որոնց պատմութիւնները կը խաչաձեւուին: Ի յայտ կու գայ, որ խորքին մէջ իրենք բարեկամական կապեր ունին իրարու հետ, սակայն Ցեղասպանութեան տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառով աշխարհի տարբեր շրջաններ մեկնած են։