ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթը կը հաղորդէ, որ փրկարարներ կը շարունակեն երեքամեայ Արտեմ Դաւթեանի որոնումները:
Երեխան անհետացած է Քուպանի ջրհեղեղի ընթացքին: Զուգահեռաբար չորս այլ մարդոց փնտռտուքն ալ կը կատարուի:
Նշենք, որ Արտեմ Դաւթեան, ջրհեղեղի օրը հօր եւ մեծ հօր հետ կը գտնուէր իրենց ինքնաշարժին մէջ: Ընտանիքը տուն կը վերադառնար ջրամբարի կողմէն: Երեխային հայրը՝ 44ամեայ Զաւէն Դաւթեան հեռաձայնած է տուն եւ յայտնած, թէ կը գտնուին տեղատարափի տակ, եւ այնպիսին է հեղեղը, որ դժուարութեամբ կը պահեն ինքնաշարժի ղեկը: Անկէ ետք հեռաձայնի կապը անջատուած է: Աւելի ուշ յայտնաբերած են Արտեմի հօր եւ մեծ հօր մարմինները:
Յուլիս 7ի գիշերը Կելենջիկ, Քրիմսք եւ Նովոռոսիյսկ քաղաքներուն մէջ, ջուրի տակ անցած են շուրջ 5 հազար բնակելի տուներ: Զոհուած է 180 մարդ: Զոհուածներուն մէջ եօթ հայեր կան: