Ամէն անգամ, որ կը մտաբերենք Լիզպոնի տղոց ինքնանուիրումի փաստը, պարտաւորուած կը զգանք, կը պարտաւորուինք մեր շրջապատի իրադարձութիւնները գնահատելու նոր չափանիշերով, պահանջկոտութեան ու լրջութեան նոր մօտեցումներով:
Հասկնալի է, որ Լիզպոնի տղոց հաստատած նուիրումին չափանիշը անհասանելի է սովորական մահկանացուներուս, ազգային իղձերուն, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարելու եւ աշխատելու յանձնառութիւնը ստանձնած բոլոր զինուորագրեալներուն համար:
Լիզպոնի տղաքը, սակայն, իրենց հերոսական արարքով, իրենց անկրկնելի հերոսականութեամբ մեզ անկարողութեան զգացումով համակելու նպատակը չէ, որ կը հետապնդէին: Այո՛, Լիզպոնի տղոց նուիրումին հետ չափուելու փորձերը ոեւէ հասարակական գործիչի կրնայ տանիլ միայն անկարողութեան ու յուսահատութեան: Բայց չեմ հաւատար, որ այդպիսի մօտեցում է, որ Լիզպոնի տղաքը կը սպասեն կամ կ՛ակնկալեն մեզմէ:
Նախ եւ առաջ, անոնք իրենց սխրանքին գացին առանց դասեր տալու յաւակնութիւններու:
Իրենց հետապնդած նպատակը անյոյս ու անկարելի նկատուող մեր ազգային Դատը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան արժանացնելն էր, եւ ա՛յդ է, որ անոնք իրականացուցին: Մնացեալը, մեկնաբանութիւնները, արժեւորումները կը մնան մեզի՝ իրենց ժամանակակիցներուս ու նաեւ մեր ժառանգորդներուն:
Լիզպոնի հինգը մենք կը տեսնենք մեր պատմութեան ամէնէն յուսահատական պահերուն մէջ չերկնչելու վճռականութիւն ներշնչողներու շարքին,
Լիզպոնի հինգը կը տեսնենք պատմութեան շղթային մէջ, ըստ անհրաժեշտութեան, ըստ կարիքի դրսեւորուելու պատրաստ ազգային ներուժի արտայայտութիւններ,
Լիզպոնի հինգը կը տեսնենք մեր ժողովուրդին մէջ միշտ անպակաս հերոսական ոգիի մարմնաւորումներ,
Լիզպոնի հինգը կը տեսնենք իբրեւ ազգային նպատակներու, ազգային ծրագիրներու ի խնդիր յանձնառութիւններ վերցնելու կոչող մարտահրաւէրներ: