
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածները դարձած են թուրք բեմադրիչներու պատրաստած վաւերագրական շարժապատկերի մը նիւթը:
Թրքական «Թումհապեր» կայքը կը հաղորդէ, թէ Մարտին եւ Պաթման գիւղերուն մէջ նկարահանուած ֆիլմին մէջ, հայերէն բացի, անդրադարձ կը կատարուի նաեւ ասորիներու կոտորածներուն:
Վաւեարգրական շարժապատկերին մէջ կը պատմուի, որ 1915 թուականին հայերը տեղահանուած են իրենց բնակավայրերէն, Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքը տարուելու հիմնաւորմամբ, սակայն ճամբուն վրայ, տարբեր հրոսակախումբերու յարձակումներուն եւ անբարենպաստ պայմաններու պատճառով, մեծ թիւով հայեր զոհուած են: Ֆիլմին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Տիարպեքիրի այն օրերու նահանգապետ Ռեշիտ պէյը տեղական կառավարիչներուն անձամբ հրահանգներ տուած է հայերը կոտորելու մասին:
Շարժապատկերին մէջ ներկայացուած են նաեւ Միտիաթ գաւառին մէջ քրտական խմբաւորումներու յարձակումները՝ ասորիներու վրայ: