
ՊՈԼԻՍ.- Համացանցի վրայ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, արեւելեան Անատոլուի մէջ հայկական գերեզմանատուն մը եւս քանդուեցաւ ցամաքային ճամբու մը շինութեան պատճառով։ Սղերդի Էրուհ գաւառակի՝ քրտերէնով՝ «Քսերթ» գիւղին մէջ, կատարուեցաւ այս վայրագ արարքը։ Հաղորդուեցաւ, որ ճամբու շինութեան պատճառաւ քանդուեցաւ տեղւոյն եկեղեցիի գերեզմանատունը։ Քանդումի ընթացքին հայերու հարիւրաւոր գերեզմաններ, ոսկորներ եւ աճիւններ հոս ու հոն ցրուեցան, սակայն ո՛չ մէկը հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս վայրագ տեսարանին դիմաց։
«Տեղւոյն եկեղեցին, որ «Տէր Շիմ» կը կոչուէր, քանդուած էր արդէն։ Իշխանութիւնները, որոնք արդէն անտարբեր մնացած էին եկեղեցւոյ քանդումին նկատմամբ, այս անգամ քանդումի ենթարկեցին գերեզմանատունը։ Հակառակ անոր, ոսկորներ կը յայտնուէին, աշխատաւորները շարունակած են իրենց աշխատանքը։ Խղճմտանքի տէր ոեւէ մէկը պիտի չկարենար հանդուրժել այսպիսի տեսարանի մը։ Այս տեսարանը ցոյց կու տայ այն յարգանքի պակասը, որ առկայ է տարբեր կրօնքներու ու մշակոյթներու նկատմամբ», կը յայտնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։