
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 2010ին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ վերաբացումէն ի վեր, այս տարի երրորդ պատարագը պիտի մատուցուի: Վանի նահանգապետարանը արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքներուն՝ այդ ուղղութեամբ:
«Գագիկ Ա.ի կողմէ 915-922 թուականներուն կառուցուած եկեղեցին, վերանորոգուած է 3 տարի առաջ եւ Թուրքիոյ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը թոյլատրած է եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել», կը յիշեցնէ թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը:
Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 9ին:
Վերջերս Վանի փոխնահանգապետ Աթայ Ուսլուի գլխաւորութեամբ, այդ նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուած ժողով մը գումարուած է. «Վանի երկրաշարժէն ետք շատերդ օգնութեան ձեռք մեկնեցիք: Հիմա ալ Վանի մէջ զբօսնելու եկէ՛ք: Եկէ՛ք, որ տեսնենք, թէ ձեր օգնութեան շնորհիւ Վանը ինչպէ՛ս ոտքի կանգնեցաւ: Բոլորը կը հրաւիրենք մասնակցելու Աղթամարի պատարագին», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ուսլուն: