ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը Լոնտոնէն վերադարձաւ հայրենիք: Օդակայանին մէջ ողիմպիականի փոխախոյեան Արսէն æուլֆալակեանին, պրոնզէ մետալակիրներ Հռիփսիմէ Խուրշուդեանին եւ Արթուր Ալեքսանեանին ընդունելու գացած էին մեծ թիւով երկրպագուներ՝ երգ–երաժշտութեամբ, Հայաստանի դրօշներով եւ շնորհաւորական պաստառներով: Երկրպագուներուն կարգին էին նաեւ հարազատները, ծնողները եւ սիրելիներ:
Հաւաքուած բազմութիւնը բաւական երկար սպասեց, մինչեւ որ հայ մարզիկները հասան ընդունելութեան սրահ, ուր երեք մետալակիրները պարգեւատրուեցան պատուոյ դափնեպսակներով:
Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Հռիփսիմէ Խուրշուդեան այնքան յուզուած էր, որ դժուարութեամբ կրցած է արտայայտել իր հիացմունքը:
«Ես անչափ երջանիկ եմ: Սա իմ կեանքի ամենաերջանիկ պահն է: Աննկարագրելի զգացում ունեմ: Զգում էի, որ լաւ արդիւնք եմ ցոյց տուել, մետալ եմ նուաճել, այսպէս ասած՝ լաւ բան եմ արել իմ ազգի համար, բայց չէի գիտակցում մինչեւ այս պահը: Սա իրական երջանկութիւն է: Յանուն այս ապրումների արժէր այդքան դժուարութիւն եւ պարտականութիւն ուսերիս կրել: Ես երջանիկ եմ», նշած է Հռիփսիմէ Խուրշուդեան:
«Դժուար է վերլուծել այն ամէնն ինչ արեցի ես գորգի վրայ, ինչին արժանացայ պատուոյ հարթակում: Բայց հիմա այդ դժուարութիւնը մնաց ետեւում: Ճիշդ է՝ ես ինքս իմ ելոյթից, իմ արդիւնքից գոհ չեմ, բայց այն ինչ տեսայ այստեղ, հասկացայ, որ զուր չէր, որ սա յաղթանակ է եւ այս մարդիկ ուրախացել են այդ յաղթանակով», ըսած է Արթուր Ալեքսանեան: