
ԹԱՒՐԻԶ.- Կիրակի, 12 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ եւ խաղողի աւանդական օրհնութիւն կատարուեցաւ Մարալանի Ս. Աստուածածին պատմական մատուռին մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց եւ ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հայկական աւանդութեամբ խաղողօրհնէքի արարողութեան նախագահեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Մէկ օր առաջ երկրաշարժ տեղի ունեցած էր Ատրպատականի նահանգին մէջ գտնուող Էհեր քաղաքը, ուր արձանագրուած էին աւելի քան 300 զոհեր եւ շուրջ 1200 վիրաւորներ. ուստի, պատարագի աւարտին յատուկ աղօթք կատարուեցաւ՝ բնական աղէտներէ ժողովուրդը պահպանելու համար:
Թեմակալ առաջնորդը իր քարոզին մէջ ներկայացուց Ս. Կոյսին վերափոխման դրուագը, յատկապէս անդրադառնալով անոր բարեխօսութեան՝ իր Միածին Որդիին մօտ: Ապա, հայ ժողովուրդի հեթանոսական դարաշրջանէն ժառանգուած եւ Ս. Լուսաւորչի կողմէ քրիստոնէացուած տարուան բերքին երախայրիքը Աստուծոյ մատուցելու գեղեցիկ սովորութիւնը մեկնաբանելով՝ ան ըսաւ, թէ խաղողը ամէնէն ազնիւը ըլլալով պտուղներուն մէջ՝ Աստուածորդիին կողմէ ալ ընտրուեցաւ իբրեւ խորհրդանիշ Իր արեան:
Յայտնենք, որ Մարալանի պարտէզներուն մէջ յատուկ ծաղկանոց շինուած էր եւ մասնաւոր սեղան՝ Թեմական խորհուրդի եւ Խնամակալ մարմինի ծրագրաւորումով՝ օրուան խորհուրդը եւ խաղողօրհնէքը խորհրդանշող:
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Թաւրիզի եկեղեցիներու Խնամակալ մարմինը կէսօրուան ճաշով հիւրասիրեց ներկայ հաւատացեալները, որոնք խումբ առ խումբ նստած էին Ս. Աստուածածնայ մատուռին պատկանող հսկայ տարածքով պարտէզի բարձրաբերձ ծառերու շուքին տակ: Վայրը նաեւ ունեցաւ յարմարութիւն՝ երկրաշարժի յետցնցումներու պարագային բացօթեայ տարածք դառնալով ժողովուրդի ապահովութեան համար:
A beautiful feast in a beautiful church. It is comforting to know that Armenians are free to attend their churches and continue these religious ceremonies which testify to the tolerance and respect that Iranians have towards the christian minorities living in Iran. Let us hope that they will not experience earthquakes of such severity that struck the north west of Iran recently.