
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 5 Սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստան ժամանած Իրաքի փոխվարչապետ Ռաուշ Նուրի Շաուէյսի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը: «Համոզուած եմ, որ Ձեր այցելութիւնը լուրջ խթան կը հանդիսանայ մեր երկու պետութիւնների միջեւ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական յարաբերութիւնների զարգացման գործում: Իրաքի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունի յարաբերութիւնների ամրապնդման մեծ ներուժ եւ երկու երկրների կառավարութիւնները պէտք է ջանքեր գործադրեն այդ ներուժն իրացնելու համար», յայտնած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ Հայաստան մեծապէս հետաքրքրուած է այդ մէկը ընելով։
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Ռաուշ Նուրի Շաուէյս Տիգրան Սարգսեանին փոխանցած է Իրաքի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ջերմ ողջոյնները: Իրաքի փոխվարչապետը դիտել տուած է, որ իր երկիրը պատրաստ է զարգացնելու եւ ընդարձակելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները՝ բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ «Այդ նպատակով առնուելիք առաջին քայլերէն մէկը Երեւանի մէջ Իրաքի դեսպանատան վերաբացումը պիտի ըլլայ», նշած է Ռաուշ Նուրի Շաուէյս:
Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրաքեան յարաբերութիւնները՝ գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթային, առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, զբօսաշրջութեան, արդարադատութեան բնագաւառներուն մէջ՝ անդրադարձ կատարելով երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցերուն։
Հեռանկարային նկատուած է հայկական արտադրութիւններուն, մասնաւորաբար գիւղական մթերքներու, հանքային եւ ըմպելի ջուրերու, բնական հիւթերու եւ պահածոներու արտածումը դէպի Իրաք: Այդ առումով կարեւոր նկատուած է հայ եւ իրաքցի գործարար շրջանակներուն միջեւ կապերու հաստատումը եւ տեղեկատուութեան փոխանակումը: Կողմերը համաձայնած են ստեղծել հայ-իրաքեան տնտեսական միջկառավարական յանձնաժողով, որ պիտի ձեւաւորէ երկկողմանի համագործակցութեան ուղղութիւններն ու պիտի նպաստէ տարբեր տեսակի միացեալ ծրագիրներու իրականացման: