
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սահմանի վրայ քանի մը մեթր փորուած փոշոտ եւ խոր խրամատները քեզ այնքա՛ն հեռուն կը տանին, որքան աչքդ կը տեսնէ». այսպէս կը սկսի «Ռոյթըրզ» միջազգային լրատուական գործակալութեան յօդուածը՝ նուիրուած Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
«Գլուխդ քիչ մը վեր բարձրացնելուդ պէս, անոնք անմիջապէս կը կրակեն վրադ: Մեզմէ 400 մեթր հեռու գտնուող ատրպէյճանցի արձակազէնները կը սպասեն նման յարմար պահերու», կը մէջբերուին երիտասարդ հայ զինուորին խօսքերը:
Գործակալութիւնը կը նշէ, որ երկու կողմերը անընդմէջ «փամփուշտային խաղեր»ու մէջ են: «Զինադադարի խախտումի դէպքերը պարբերական բնոյթ ունին սահմանին վրայ», կը գրէ «Ռոյթըրզ», որ նաեւ կ՛անդրադառնայ ոճրագործ Սաֆարովի ազատ արձակելու որոշումին պատճառած տագնապին:
«Ատրպէյճանի տարեկան ռազմական ծախսերը կը գերազանցեն Հայաստանի ամբողջ ամավարկին, սակայն Հայաստան նախազգուշացուցած է, որ որեւէ յարձակում պիտի ունենայ իր համարժէք պատասխանը», կը նշէ գործակալութիւնը, որ գրած է նաեւ Արցախի պատերազմէն ետք Պաքու ապաստանած ատրպէյճանցիի մը դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
«Ամերիկա երթալու համար բոլոր փաստաթուղթերս պատրաստ էին, սակայն որոշեցի չգնալ: Այստեղ հրաշալի է: Նայէք ձեր շուրջը, շնչէք մաքրամաքուր օդը: Ի դէպ, մենք պատրաստ ենք կրկին կռիւ տալու ատրպէյճանցիների դէմ, եթէ դրա պէտք ըլլայ», կը մէջբերուի Ստեփանակերտի բնակիչ Սամուէլ Գաբրիէլեանի խօսքերը: «Պատերազմի ընթացքին քանդուած շինութիւններուն տեղը արդէն իսկ վերակառուցուած թաղամասեր կան՝ գեղեցիկ շէնքերով», կ՛աւելցնէ գործակալութիւնը: