ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ի առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, ներկայացնելով առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, աղօթքով եւ ապա քաջալերական խօսքով բացումը կատարեց Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանի 2012-2013 կրթական տարեշրջանին:
Ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեան: Յատկապէս յիշուեցաւ վարժարանի բարերարուհի Մարկարիթ Յովսէփեանը, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Օքլընտ շրջանին մէջ: Տէր հայրը աղօթեց անոր հոգիին համար:
Առ ի գիտութիւն, Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ առաջնորդը, որ նաեւ պիտի կատարէ վարժարանի նորընտիր խնամակալ մարմինի, ուսուցչական կազմի եւ ծնողաուսուցչական մարմինի պաշտօններու հաստատման արարողութիւնը: Առաջնորդը նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի անուան շքանշանով պիտի պարգեւատրէ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի համար երկարամեայ օգտակար ծառայութիւն մատուցած Յարութիւն Հիլալեանը: Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն պիտի կատարուի բարերարուհի Մարկարիթ Յովսէփեանի մահուան քառասունքին առթիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.