
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ հրէական ողջակիզման երեխայ վերապրողներու մասին Սթեֆընի Սաթիի հեղինակած եւ անոր դերասանութեամբ «Լուռ ականատես» ներկայացումը, որուն բեմադրիչն է Անիթա Խանզդեանը:
Մենակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Փասատինայի հանրային գրադարանի համայնքային սրահին մէջ. մուտքը ազատ է:
Գրադարանին հասցէն է՝ 1115 El Centro Street: