
Սեպտեմբեր 21, 1991ին Հայաստան վերականգնեց Մայիս 28ի սխրանքներով իրագործած բայց եւ հետագայ քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու պատճառով կորսնցուցած իր անկախութիւնը:
Անկախութենէ զրկուած դարերուն, այդ գաղափարի իրականացման մէջ կը տեսնէինք մեր ազգային բոլոր իտէալներու կատարման յոյսը, միջոցը, մեկնակէտը: Անոր մէջ կը տեսնէինք մեր ազգի յաւերժութեան երաշխիքը՝ յարատեւութեան, զարգացման, ծաղկումի, ստեղծագործ թռիչքներու, բարգաւաճման, ազգի միաւորման… մէկ խօսքով՝ անկախութեան երազի իրականացումը պիտի ապահովէր մեր միւս բոլոր երազներու ու իղձերու կենսագործումը:
Անկախացաւ Հայաստանը, եւ մեր հողին վրայ անկախ ու գերիշխան մեր գոյութեան առաջին օրէն իսկ պարտաւոր եղանք՝
Արիւն թափել՝ հող ազատագրելու համար, եւ ազատագրեցինք մեր գրաւուած հայրենիքէն թանկագին կտոր մը: Անկախութեան այս ամբողջ տարիներուն, գրեթէ ամէ՛ն օր, մեր հողերուն վերատիրանալու թշնամիին յարձակողական գործողութիւններուն պատասխանելու լարումը կ՛ապրինք, պիտի շարունակենք ապրիլ, մինչեւ որ ան անդրադառնայ, թէ այլեւս անօգուտ են իր փորձերը.
Այլասեռող հասարակարգ մը հիմնովին փոխելու, ազգային արժէքներու ու աւանդոյթներու վրայ հիմնուած նոր միջավայր մը ստեղծելու երկունքը ապրիլ, ու դեռ կը շարունակենք ապրիլ՝ մաշող պայքար մղելով ընդդէմ կաշառակերութեան, ընդդէմ ժողովրդավարական սկզբունքները արհամարհելու եւ զանոնք ոտնակոխելու պաշտօնական անձերու վարքագիծին.
Երկրաշարժի հոգեկան եւ ֆիզիքական ահաւոր աւերները վերականգնել, բայց դեռ 24 տարի անց, շնորհիւ մեր անճարակութեան ու անկազմակերպուածութեան, տակաւին չենք կրցած ձերբազատուիլ «անօթեւան» անունը կրող անէծքէն.
Մերթ «մութ ու ցուրտ» պայմաններու, իւրայինի հանդէպ անհանդուրժողութեան մթնոլորտի, մերթ տնտեսական ձախաւեր քաղաքականութեան, մերթ անարդարութիւններու ու մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու պատճառով՝ ժողովրդագրական աղէտ դիմագրաւել, արտագաղթին կորսնցնելով հարիւր հազարաւորներ, որոնց մէջ՝ մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ուսեալ, տաղանդաւոր երիտասարդներ, արհեստաւորներ ու մասնագէտներ:
Թէ՛ ներքին ճակատի, թէ՛ արտաքին քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզի վրայ ձախողութիւնները, դժուարութիւնները, յուսախաբութիւնները, կորուստները չեն կրնար մեզ դոյզն իսկ շեղել անկախութեան գաղափարին մեր անմնացորդ նուիրումէն, ամէն գնով ու գերագոյն զոհողութիւններով մեր երկրի գերիշխան գոյութիւնը պահպանելու վճռականութենէն:
Մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները, այսօր թէ վաղը կրնա՛նք յաղթահարել, պարտաւո՛ր ենք յաղթահարել: Մեր ուժի, մեր կենսունակութեան, մեր ինքնավստահութեան աղբիւրը կու գայ նոյնինքն անկախութենէն, անկախ պետականութեան մը սահմաններու մէջ ապրելու մենաշնորհէն:
Այդ կենսունակութեան վրայ հիմնուելով է որ պիտի կերտուին նաեւ լիիրաւ, լիարժէք, բարգաւաճ, ազատ քաղաքացիներով բնակուած անկախ Հայաստանի բոլոր անհրաժեշտ պայմանները՝ ընկերային, քաղաքական, գաղափարական, հոգեւոր բոլոր նախադրեալներով: