
ԵՐԵՒԱՆ,«Արմէնփրէս».- «Արմաւիա» ազգային օդանաւային ընկերութիւնը 2012 թուականի Հոկտեմբեր 30էն պիտի վերսկսի իր թռիչքներուն՝ դէպի Գերմանիոյ մեծագոյն քաղաքներէն Ֆրանքֆուրթ: Այս մասին հաղորդած է «Արմաւիա» ընկերութեան մամլոյ խօսնակ Նանա Աւետիսովան:
Երեւան-Ֆրանքֆուրթ-Երեւան ուղղութեամբ թռիչքները պիտի կատարուին շաբաթը անգամ մը։