ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Սեպտեմբերին ընդունած է «Լուդինգ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Արմէն Շահազիզեանը: Հանդիպումին սկիզբը նախագահ Սահակեան բարերարին յանձնած է «Երախտագիտութիւն» մետալ Արցախին մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Բակօ Սահակեան բարձր գնահատած է «Լուդինգ» ընկերութեան դերակատարութիւնը Արցախի ընկերային-տնտեսական կեանք զարգացման իմաստով՝ նշելով, որ համագործակցութեան ամրապնդման համար առկայ են բոլոր տուեալները։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարբեր ծրագիրերու իրականացման առնչուած հարցեր:
Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան բարերարի հետ այցելած է Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարան եւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է՝ հաստատութեան պայմաններու բարելաւման առնչութեամբ։
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Սեպտեմբերին այցելած է նաեւ Ստեփանակերտի տուն եւ ծանօթացած հաստատութեան վերակառուցուած մասնաշէնքերու պայմաններուն:
Նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է կատարուած աշխատանքներուն գծով՝ նշելով, որ անոնք շօշափելիօրէն կը բարելաւեն հոն բնակող հայրենակիցներուն կենսապայմանները:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ բարերար Արմէն Շահազիզեանին՝ Ստեփանակերտի տան վերակառուցման համար՝ այդ մէկը նկատելով Լեռնային Ղարաբաղի պահանջուած նախագիծերէն մէկը:
Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, եւ այլ անձնաւորութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.