ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Միութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեանը, որ իր գրութիւններով գրաւած էր մեր ընթերցողներու ուշադրութիւնը, սկսաւ գրելու՝ յատուկ «Ասպարէզ»ին համար: Առաջին գրութիւնը լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի Սեպտեմբեր 21ի թիւով, Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին առթիւ հրատարակուած ներդիրին իբրեւ մաս:
Մեզի համար ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն, որ Լիլիթ Գալստեանի նման յանձնառու մտաւորական մը կը միանայ «Ասպարէզ»ի սիւնակագիրներու շարքին՝ իւրայատուկ իր խօսքը հասցնելով մեր հազարաւոր ընթերցողներուն:
Նոյնքան ուրախ ենք ու հպարտ, որ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի Մերձաւորարեւլեան լեզուներու եւ մշակոյթներու ամպիոնի հայերէնի դասախօս դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը եւս համաձայնած է ընդառաջելու «Ասպարէզ»ին աշխատակցելու մեր դիմումին: Չորեքշաբթի օր լոյս տեսաւ փրոֆ. Կիւլլիւճեանի յօդուածը՝ նոր մահացած գրող Պետրոս Հաճեանի մասին: Նոյն օրը երեկոյեան ան ելոյթ ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ՝ խօսելով դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ» գիրքին մասին: Կը սպասենք այդ ելոյթի բնագիրին եւ այլ յօդուածներու:
Թող այս սիւնակը նաեւ հրապարակային դիմում մը ըլլայ մեր միւս սիւնակագիր Սիւզան Խարտալեանին, որուն «Հայեացք Եւրոպայէն» գրութիւնները մի՛շտ հետաքրքրութեամբ ընթերցուած են: Պօղոս Գուբելեանի «Գրողի Անկիւն»ն ալ երկար ատենէ ի վեր կը սպասէ իր հեղինակին:
Բախտաւորուած կը զգանք, անշուշտ, որ իրենց կանոնաւոր աշխատակցութեամբ թերթին՝ կարեւոր ներդրում կը բերեն նաեւ Նազարէթ Պէրպէրեանը, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծայրագոյն վարդապետ Չիֆթճեանը, տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը, Խաչիկ Մելեքեանը, Թամար Թիւֆէնքեան-Սէրայտարեանը: