ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոքագիր մը յղած է Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այդ երկիրի երեսփոխաններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան առնչութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլաեւ ըսած է, որ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, թէ պատգամաւորները այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ իրենց «անձնական նախաձեռնութեամբ»:
Պաքու, սովորաբար, իր «սեւ ցանկ»ին մէջ կը դնէ Արցախ այցելած օտար անձնաւորութեանց անունները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.