ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քոնկրեսականներ Հաուըրտ Պըրմըն եւ Պրետ Շըրմըն (երկուքն ալ՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու ազդեցիկ յանձնաժողովի անդամ), Նոյեմբեր 6ին կայանալիք ընտրութիւններուն ընթացքին ստիպուած են մրցելու իրարու դէմ, ընտրատարածքներու վերադասաւորման պատճառով:
Երկու քոնկրեսականներն ալ դեմոկրատներ են, հրէական ծագում ունեցող ամերիկացիներ, եւ երկուքն ալ՝ հայկական հարցերու երկարամեայ ջատագովներ: Այս թէժ մրցապայքարին, 30րդ ընտրատարածքի քուէարկողները կանգնած են բարդ ընտրութեան մը առջեւ:
Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը, Էնսինօ քաղաքի «Ֆերահեան» դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Սեպտեմբեր 29ին կազմակերպած էր հանրային բանավէճ մը՝ հնարաւորութիւն տալով քոնկրեսականներուն՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները ներկայացնելու ամերիկահայ ընտրողներուն: Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Նորա Յովսէփեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, համակարգող Զանգու Արմէնեան ներկայացուց երկու թեկնածուները:
Բանավէճը սկիզբէն իսկ թէժացաւ, երբ քոնկրեսական Շըրմըն մատնանշեց, թէ ան Քոնկրեսին մէջ բացարձակապէս Հայկական խումբի անդամ եղած է, սակայն քոնկրեսական Պըրմընը եղած է ե՛ւ թրքական, ե՛ւ հայկական խումբերու անդամ:
Քոնկրեսական Պըրմըն հակադարձեց՝ յայտարարելով. «Քոնկրեսին մէջ շուրջ երեք տասնամեակ ծառայելու ընթացքին, եղած եմ Հայ Դատի եռանդուն, հետեւողական եւ անկեղծ ջատագով մը: Ես յամառօրէն աշխատած եմ հասնելու ԱՄՆի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ ես մեծ ջանքեր թափած եմ յանձնաժողովի մակարդակով Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթանակին համար»: Ան շարունակեց պնդել, որ իր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու տան ճանչնալ տալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ մինչեւ անոր 100ամեակը, եւ թէ ինք անձամբ պիտի յորդորէ նախագահ Օպաման, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տուած իր խոստումը կատարէ: «Ցեղասպանութեան ճանաչման ձախողութիւնը բարոյական վիթխարի ստուեր կը ձգէ այս մեծ ազգին վրայ», նշեց քոնկրեսական Պըրմըն: Այնուհետեւ, ան հպարտօրէն յայտարարեց. «Ես դադրեցուցած եմ վտանգաւոր զէնքերու փոխանցումը Ատրպէյճանին, քանի որ զզուած եւ յոգնած եմ Ատրպէյճանի սպառազինութիւններու աճէն եւ ռազմատենչ հռետորութենէն: Այս շաբաթ իսկ ես նամակ մը գրեցի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին՝ ամենազազրելի արարքներուն մասին, զորս աշխարհի ոեւէ առաջնորդ կրնայ կատարած ըլլալ ցայսօր. ես կը խօսիմ նախագահ Ալիեւի՝ ատրպէյճանցի կացինահարող մարդասպանին ներում շնորհելու որոշումին մասին. մարդասպանը, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ անմեղ հայ զինուորը քնացած ժամանակ սպաննելուն համար… Ես Քլինթընէն պահանջեցի, որ նախ ՆԱԹՕի բոլոր անդամներուն անունով դատապարտէ Ալիեւի արարքը, ապա՝ կասեցնէ Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը ՆԱԹՕի հովանաւորութեամբ իրականացուող հետագայ բոլոր ձեռնարկներուն»:
Ի պատասխան բանավէճի վարողներ՝ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանի եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի բարձրացուցած հարցերուն՝ քոնկրեսականները անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, Թուրքիոյ փոխհատուցումներուն, Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Վրաստանի մէջ հայ համայնքներու պաշտպանութեան, Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմաօդային կայանի օգտագործման դիմաց՝ ԱՄՆի կողմէ այդ հողամասերու հայ սեփականատէրերուն վարձակալութիւն վճարելու, Թուրքիոյ մէջ եկեղեցիները քրիստոնեաներուն վերադարձնելու, Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքեր վաճառելու խնդիրներուն, Արցախին տրամադրուող Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական օժանդակութեանց, Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ պատասխանատուութեանց՝ կացինահարող մարդասպանը ազատ արձակելու գործին մէջ, Արցախի անկախութեան, Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի համաձայնագիրներուն եւ Ամերիկայի մէջ թրքական «Կիւլեն» հանրակրթական դպրոցներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ անոնց ելոյթներէն.
Քոնկրեսական Պըրմըն.- Թուրքիան պէտք է գիտակցի, որ ինք ստիպուած է առերեսուելու իր սեփական պատմութեան հետ: Ես հրեայ եմ: Այն մօտեցումը, թէ զգացումներու վիրաւորանքէն խուսափելու համար մենք չենք ճանչնար Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը, իմ կարծիքով՝ ահաւոր ստուեր կը ձգէ մեր երկիրին վրայ:
Քոնկրեսական Շըրմըն.- Ցեղասպանութեան ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին քայլն է, եւ առաջին քայլը՝ յաջորդ ցեղասպանութեան մը: Այդ իսկ պատճառով, շատ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգները ճանչնայ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Ես պիտի աշխատիմ… այնքա՛ն ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է, սակայն յոյսով եմ՝ հնարաւորինս արագ, Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար… Ժամանակն է ճնշում գործադրելու վարչակարգին վրայ, յատկապէս՝ յառաջիկայ 38 օրերուն, եւ դիմելու նախագահական երկու թեկնածուներուն՝ յստակ յայտարարութիւն պահանջելով անոնցմէ… Մենք պէ՛տք է իմանանք, թէ անոնք ի՞նչ ընելու կը պատրաստուին յաջորդ տարուան Ապրիլին:
Քոնկրեսական Պըրմըն քննադատեց պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «պատմական բանավէճ» բնորոշելուն համար: Ան ըսաւ. «Քոնկրեսին մէջ ոչ մէկը կը կասկածի, թէ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Անոնք միայն կրնան վիճիլ, թէ՝ «Օ՜հ, մենք չենք կրնար վնասել Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները», կամ կրնայ ըլլալ, որ անոնք մտերիմ են Թուրքիան ներկայացնող որոշ անձերու հետ… սակայն այլեւս որեւէ տեղ ես չեմ լսեր, թէ ատիկա «պատմական բանավէճ է»… Շատ ցաւալի է, որ մեր երկիրի ղեկավարութիւնը ետ կ՛երթայ՝ բարձրացնելով սոյն հարցը… Ատիկա տեղի ունեցա՛ծ է: Զայն պէտք է ընդունիլ: Գերմանացիները ընդունեցին զայն, եւ յատկապէս ոեւէ հրեայի համար այն տեսակէտը, թէ կարելի է խուսափիլ՝ ժխտելով կամ փորձելով քօղարկել զայն՝ իբրեւ պատմական վիճելի հարց, էական մեծ սխալ մըն է»:
(Շարունակելի)
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ