ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան ընդունած է «Գիւղատնտեսական դաշինք»ի անդամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Դաշինքն ստեղծուած է 2011 թուականին՝ համախմբելով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման բնագաւառին մէջ գործող տեղական եւ միջազգային 11 կազմակերպութիւններ՝ նպատակ ունենալով օժանդակել գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ առկայ հարցերու լուծման:
Հանդիպման նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր Դաշինքի անդամներուն, որոնք արձագանգեցին վերոյիշեալ հարցերու լուծման համար՝ նպատակներու միասնականացման ու ջանքերու մէկտեղման ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կոչին. անոնք նախարարին հետ հանդիպեցան՝ քննարկելու համագործակցութեան կարելիութիւններն ու ընթացքը, նաեւ՝ հետագայ քայլերը:
«Ոլորտի հիմնահարցերը միասնական մօտեցում եւ լուծումներ են պահանջում, եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը բաց է համագործակցութեան համար, որին կարող են անդամակցել Հայաստանում գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման հարցերով զբաղուող բոլոր շահագրգիռ կողմերը», նշած է նախարարը՝ առաջարկելով նախապատրաստել եւ վաւերացման ներկայացնել Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ «Գիւղատնտեսական դաշինք»ին միջեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ համագործակցելու փոխըմբռնման յուշագիրը: