ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաթումի մէջ տեղի ունեցած է «Վրաստան-Հայաստան-2012» առեւտուրի համաժողովը, Աճարիոյ Ինքնավար Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։ Համաժողովի կազմակերպիչ «Էքսփոմետիա» ցուցահանդէսներու նախագծման կեդրոնին կողմէ հաղորդուած լուրերուն համաձայն՝ համաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 30 կազմակերպութիւններ՝ Վրաստանէն եւ Հայաստանէն: Համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էր Աճարիոյ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Տամազ Շաւածէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ պաշտօնատար անձնաւորութիւններ՝ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատէն, տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութենէն, զբօսաշրջութեան բաժանմունքէն եւ այլ բնագաւառներէ:
Հայաստանեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները համաժողովի ծիրին մէջ կատարած են շնորհահանդէսներ, հանդիպում ունեցած են իրենց բնագաւառի բազմաթիւ գործընկերներու հետ եւ կնքած են շարք մը համաձայնագիրներ։
Համաժողովի մասնակիցները նշած են, որ նման միջոցառումներ կը խթանեն երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ կապերու ամրապնդումը: Կողմերը համաձայնած են աւելի սերտօրէն աշխատիլ իրարու հետ եւ տեղեկատուութեան պակասը շրջանցել, նաեւ փափաք յայտնած են, որ նմանատիպ նախաձեռնութիւններ շարունակական ըլլան։
Համաժողովը տեղի ունեցած է բարձր կազմակերպչական մակարդակով եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Վրացի գործարարները մեծ ոգեւորութեամբ եւ ակնկալութիւններով ընդունած են իրենց հայ գործընկերները: